2024-ը փոփոխութիւններու եւ փոխանցման տարի մը հանդիսացաւ: Մասնաւորաբար ինծի համար, երբ ստանձնեցի Հ.Բ.Ը.Մ.ի ութերորդ նախագահի պաշտօնը, յաջորդելով Նախագահ Պերճ Սեդրակեանին: Միութեան նախագահութիւնը, զոր ան ձեռնհասօրէն վարեց 22 տարիներ, տասնամեակներ շարունակ ծառայած ըլլալով նաեւ որպէս Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, անդամ, յատկանշական է անկասկած:
Անցնող Հոկտեմբեր ամսուն կայացած Միութեան 93-րդ Ընդհանուր Ժողովը, վերջին տարիներու համագումարներու շարքին, յատկապէս նշանակելի էր իր փալուն ձեռնարկներով եւ ստեղծած խանդավառւթեամբ: Ղեկավարութեան փոխանցումը, առիթ էր խմբովին մեր երախտագիտութիւնը արտայատելու իր շրջանը աւարտած Նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, նաեւ յետադարձ ակնարկով անդրադառնալու անցնող երկու տասնամեակներուն իրականացած յառաջդիմութեան եւ նորարարական իրագործումներուն: Նախագահ Պերճ Սեդրակեան Միութիւնը առաջնորդեց հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամենածանր իրադարձութիւններով յատկանշուած ժամանակաշրջանին: Երիտասարդութիւնը ներգրաւելու ուղղութեամբ իր շեշտադրումին իբր արդիւնք՝ ընդարձակուեցաւ Երիտասարդ Արհեստավարժներու շարժումը աշխարհի տարածքին: Անցնող տարուան ընթացքին միայն, Երիտասարդ Արհեստավարժներու վեց նոր խուբեր ստեղծուեցան, Ամմանէն Պուտաբէշտ, Գորտոպայէն Տապլին, Մելպուրն եւ Սիտնի:
Մինչ ես իմ կարգիս կը ձեռնարկեմ նախագահութեանս գործընթացին, յանձնառութիւնս է սերտ յարաբերութիւններ մշակել հինգ ցամաքամասերու վրայ տարածուած մեր տեղական շրջանակներուն եւ մասնաճիւղերուն հետ: Սկսած Հարաւային Ամերիկա կատարած շրջայցէս, ես խորապէս զգացուած եմ Արժանթինի, Ուրուկուէյի եւ Պրազիլի մեր մասնաճիւղերուն ցուցաբերած հայեցի ուժեղ եւ ջերմ ոգիէն: Կը խորհիմ, որ առաջիկայ տարի այս ատեն, աւելի խորապէս ծնօթացած պիտի ըլլամ մեր հայ իրականութեան եւ այն յատուկ կապերուն, որոնք աշխարհի տարածքին կը միաւորեն մեր տարբեր համայնքները:
Անդրադառնալով անցնող տարուան կարեւոր իրադարձութիւններուն, 2023-ի Սեպտեմբերին, Արցախահայութեան դէպի Հայաստան բռնահանումէն անմիջապէս ետք, Հ.Բ.Ը.Մ.ը ձեռնարկեց մարդասիրական լայնածաւալ աշխատանքի, անհրաժեշտ աջակցութիւն ընձեռելու համար աղիտահար մեր հայրենակիցներուն, սնունդ, հագուստեղէն եւ ապաստան ապահովելով անոնց: 2024-ին, մեր ճիգերը կեդրոնացան երկարաժամկէտ օգնութեան նախաձեռնութիւններու վրայ, սատարելու համար ապաստանեալներու ֆիզիքական եւ հոգեմտաւոր ապաքինումին: Հ.Բ.Ը.Մ.ի Քլոտիա Նազարեան դարմանատան անձնակազմին միացան մասնագէտներ Արցախէն: Տրամադրեցինք բժշկական առողջապահական եւ հոգեբանական ծառայութիւններ: Նայիրի Կազդուրման Կայանին մէջ Կազմակերպեցինք շաբաթավերջի ճամբարային յատուկ ծրագիրներ արցախահայ մայրերու եւ մանուկներու համար:
Արցախի մեր հայրեակիցները հայաստանի հասարակական-տնտեսական կեանքին մէջ ներգրաւելու նպատակով, առաջնահերթ նախաձեռնութիւն մըն էր աշխատանքի ապահովումը: Քաջալերուած ատենին Արցախի մէջ գործադրուած LEAP (Learn to Earn Artsakh - Սորվիր Վաստկելու Համար Արցախ) ծրագրի յաջողութենէն, վերպատրաստման ծրագիրներ իրականացուցինք Հայաստանի զարգացող ճարտարարուեստներու, անգլերէն լեզուի վարժութեան եւ գործի յատուկ խորհրդատուական ծառայութիւններու վերաբերեալ: Այս նախաձեռնութիւնները արդիւնաւոր էին տեղահանեալները տնտնեսապէս ապահովելու եւ անոնց արժանապատուութեան զգացումը վերականգնելու ուղղութեամբ:
Յառաջ նայելով՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ը պատրաստ է խուսանաւելու այսօրուան համաշխարհային բազմապիսի մարտահրաւէրներուն ընդմէջէն որոնք ի վերջոյ պիտի ձեւակերպեն աշխարհը եւ մեր ազգն ու կազմակերպութիւնները: Մինչ ապագան անորոշ կը թուի, ես համոզուած եմ, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը պիտի կարենայ դիմագրաւել նաեւ յետագայ բոլոր արտակարգ իրավիճակները եւ պիտի շարունակէ բարգաւաճիլ, շնորհիւ մեր նուիրատուներու լայնասրտութեան, կամաւորներու ցուցաբերած ոգիին եւ տեղական ղեկավարներու եւ գործընկերներու համագործակցութեան: Ձեր շարունակուող բարեկամեցողութիւնը եւ աջակցութիւնը անհրաժեշտ են, իրականացնելու համար ի սփիւռս աշխարհի հայ կեանքեր բարելաւելու մեր առաքելութիւնը:
Նոր Տարուան ընդառաջ, ձեզի եւ ձեր ընտանիքին կը փոխացեմ խաղաղութեան եւ բարօրութեան սրտագին մաղթանքներս:
Անկեղծօրէն՝
Սէմ Սիմոնեան
Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը:
Յաւելեալ Տեղեկութեանց համար - Կապ
AGBU Press Office
55 East 59th Street
New York, NY 10022-1112
Phone: 212.319.6383
Email: communications@agbu.org