AGBU Pays Tribute to Panos Titizian’s Lifetime of Leadership in Armenian Affairs

April 3, 2024

Community members and friends of the AGBU Western Region set aside an entire evening to honor Panos Titizian, a long time champion of Armenian causes and interests. On March 22, over 200 guests gathered at the Hilton Glendale, including AGBU leaders, clergy, relatives, friends, and colleagues who came to know and work with Titizian in various chapters of his life— in his native Beirut or his adopted country—the United States.

Born and raised in Kessab, Syria, and Lebanon, Titizian earned his professional degree in pharmacology from the American University of Beirut. He is also an alumnus of the AGBU Melkonian Educational Institute, an Armenian boarding school known, during its tenure, for its faculty of luminary intellectuals and its high academic credentials. After immigrating to the U.S. and establishing residence in California, where at an advanced age he took the state pharmacology exam to be licensed, while continuing to be engaged in the community.  Among numerous other involvements he served as a member of the Board of Armenian Studies at UCLA for many years.

Throughout the dinner and program, Titizian was described as someone with a subtle demeanor that belied his strong sense of intention and purpose.  He was commended for his special way of working behind the scenes to build bridges among statesmen, inter-community organizations, and leaders of diverse political parties, particularly during the Lebanese civil war. He was also cited for helping to resolve internal crises within Armenian institutions, including the Church.

Key members of the AGBU leadership were present to show their respect for Titizian’s keen political acumen and leadership in service to the Armenian homeland, church, and broader community, along with his vast network of connections in and out of the community.

AGBU President Berge Setrakian delivered thoughtful remarks, as did AGBU Board Member Yervant Demirjian, who also served as the evening’s emcee.

“I will share my thoughts of Panos as a dear friend, rather than formally as an honoree, said President Setrakian…”The life long path of almost a century of service to the nation, that Panos has travelled, from his native Kessab to the AGBU Melkonian Institute, the American University of Beirut in Lebanon, then establishing the largest pharmacy in Haret el Hereik, and later moving to Los Angeles, is a testament of his extraordinary personality and resilience…could you imagine that more than fifty years ago, when the Armenian community in Lebanon lived a self-contained and Ghetto-like  life, Panos stood out as an individual who reached out to the Lebanese community at large, establishing close relationships with highest ranking political figures and intimate friendships with officials among whom a colonel who then became president, as well as officers of the US embassy in Lebanon.  I came in contact with Panos through my uncle Hrachya Setrakian with whom he served in various committees through their tenure in public service.  We were close both through shared organizational roles and through family.  As a then young law student, I was impressed by Panos’s library which at that time had every single issue of the Foreign Affairs magazine, the articles of which he read and analyzed to the last detail. He possessed an extraordinary outlook and outstanding wide horizon. He has been to me a most trusted advisor for many years, whereby, looking back, I can truly appreciate his wisdom and foresight.”  Mr. Setrakian concluded his remarks by wishing Mr. Titizian a long and healthy life, also recognizing Anahid, Panos’s wife, who had stood next to him all throughout his difficult life and career.

Other distinguished guests made congratulatory statements including Garo Ghazarian, His Eminence Dr. Vicken Aykazian, Artoun Hamalian, Nora Titizian, and Hratch Sepetjian, who presented the newly published book of memoirs by Mr. Titizian. Finally, Titizian publicly thanked everyone for the touching tribute, expressing himself with his signature mixture of Armenian pride and quiet humility.

The evening’s entertainment featured benefit performances by AGBU Manoogian-Demirdjian School Dance Group and the Heritage Quartet, featuring Angela Amirian (first violin); Davit Sargsyan (second violin); Artashes Asatryan (viola); and Garik Terzian (cello).  The musical repertoire ranged from Mozart and Komitas to Gardel and Khachaturian. Rounding out the program was Panos Titizian’s granddaughter Michelle Kazman who shared fond childhood memories of her grandfather and concluded with a moving recitation of a poem dedicated to the Armenian language by Sylva Kaputikian.

His Eminence Archbishop Hovnan Derderian, Primate of the Western Diocese of the Armenian Church of North America gave the invocation and Reverend Serop Megerditchian made the closing benediction, prior to which he read a congratulatory letter sent by the President of the Armenian Evangelical World Council Dr. Vahan Toutigian.

The evening was made possible largely through the generosity of Sam and Sylvia Simonian of Texas. Sam Simonian, a long time AGBU board member,  was recently named successor to current president Berge Setrakian, who, in accordance with AGBU governing by-laws, is set to retire this fall after nearly 50 years of service to AGBU with 22 of them as its president.

The Armenian General Benevolent Union (AGBU) is the world’s largest non-profit organization devoted to upholding the Armenian heritage through educational, cultural and humanitarian programs. Each year, AGBU is committed to making a difference in the lives of 500,000 people across Armenia, Artsakh and the Armenian diaspora.  Since 1906, AGBU has remained true to one overarching goal: to create a foundation for the prosperity of all Armenians. To learn more visit www.agbu.org.

PHOTO CAPTIONS:

Photo 1. P.TitizianTribute.1.2024

Caption 1: Left to Right, Hrant Vartzbedian, Yervant Demirjian, Sinan Sinanian, Berge Setrakian, Panos Titizian, Sam Simonian, Nelly Kazman, Kevork Zoryan, Gohar Stambolyan

Photo 2: P.TitizianTribute.2.2024

Caption 2: Heritage Quartet: Angela Amirian (first violin); Davit Sargsyan (second violin); Artashes Asatryan (viola); Garik Terzian (cello)

Photo 3: P.TitizianTribute.3.2024

Caption 3: AGBU Manoogian-Demirdjian School Dance Group

 

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Կը Պատուէ Փանոս Թիթիզեանը Հայ Ազգային, Քաղաքական եւ Հանրային Կեանքէն Ներս Երկար Տարիներու Կենսանուէր Ծառայութեան եւ Առաջնորդութեան Համար

 

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Շրջանակի աւելի քան երկու հարիւր անդամներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ, 22 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, հաւաքուած էին Կլէնտէյլի Հիլթըն Պանդոկի շքեղ սրահէն ներս,  պատուելու համար Փանոս Թիթիզեանը՝ ազգին եւ Միութեան մատուցած իր երկարամեայ ծառայութեան համար:  Ներկայ էին Միութեան ղեկավարներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, բարեկամներ եւ գործակիցներ, որոնք ճանչցած էին զինք եւ գործած իր հետ, իր կեանքի եւ գործունէութեան տարբեր հանգրուաններուն, նախ իր բնիկ Լիբանանի եւ ապա Միացեալ Նահանգերու մէջ:

 

Ծնած եւ մեծցած Քեսապ, Սուրիա, ապա Լիբանան, Թիթիզեան շրջանաւարտ ըլլալէ ետք Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մելքոնեան Կրթական Հաստատութենէն, որ ճանչցուած էր ատենին իր կրթական բարձր մակարդակով եւ լուսամիտ մտաւորականներէ բաղկացած ուսուցչակազմով, իր դեղագործական մասնագիտութիւնը կը լրացնէ եւ կը վկայուի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն,  հաստատելով իր անձնական դեղարանը Պէյրութի Հարըթ Հրէյք կեդրոնական շրջանին մէջ:  Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ան կը վարէ ազգային եւ միութենական բեղուն եւ յատկանշական գործունէութիւն:  Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելէ ետք, ուր ան իր յառաջացած տարիքին կը պատրաստուի եւ կ’անցընէ դեղագործութեան նահանգային քննութիւնը տիրանալով իր մասնագիտութիւնը ի գործ դնելու արտօնագրին, ան կը շարունակէ իր գործունէութիւնը համայնքէն ներս, այլ աշխատանքներու շարքին երկար ատեն մաս կազմելով Քալիֆորնիոյ Համալսարանի, Լոս Անճէլըս, Հայագիտական Բաժնի հոգաբարձական կազմին:

 

Ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ընթրիքին եւ յայտագրին ընթացքին, Թիթիզեան կը ներկայացուէր որպէս առանձնայատուկ անհատականութեամբ օժտուած անձնաւորութիւն, որ յատկանշուած էր իր նպատակասեւեռ եւ հաստակակամ յատկութիւններով:  Ան կը ներկայանար որպէս  քուլիսներու ետին աշխատող համեստ բնաւորութեամբ եւ քաղաքական գործիչներու, ազգային եւ ներհամայնքային կազմակերպութիւններու միջեւ համերաշխութեան մթնոլորտի պահպանումին սատարող անձ, յատկապէս լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, ի միջի այլոց, աջակցելով նաեւ միջ-եկեղեցական խնդիրներու լուծման ուղղուած ճիգերուն:

 

Հ.Բ.Ը.Մ.ի ղեկավարութեան բանալի անձնաւորութիւններ ներկայ էին իրենց յարգանքը ցուցաբերելու Թիթիզեանի քաղաքական հմտութեան եւ առաջնորդութեան համար, որոնք ան ի սպաս դրած էր ազգին, հայրենիքին եւ համայնքային լայն շրջանակներու ծառայութեան ի նպաստ, կարեւոր դերակատարութիւն ունենալով նաեւ իր մշակած բարեկամութիւններուն եւ ազդեցիկ շրջանակներու մէջ ձեռք բերած վարկին միջոցաւ:

 

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան իր խօսքին մէջ ջերմ եւ մտերիմ ոճով անդրադարձաւ մեծարեալին արժաիքներուն մասին:  Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Երուանդ Տէմիրճեան, որ օրուան հանդիսավարն էր, իր կարգին, իրեն յատուկ զուարթախոհութեամբ, բարձր տրանադրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ, իր սրամիտ ակնարկութիւններով եւ Փանոս Թիթիզեանին ուղղուած գնահատական արտայայտութիւններով:

 

«Նկատի ունենալով այս ընթրիքի ընտանեկան հարազատ մթնոլորտը, ես իմ մտածումներս Փանոս Թիթիզեանի մասին պիտի արտայայտեմ որպէս սիրելի եւ մտերիմ բարեկամ, ոչ պաշտօնապէս իբր մեծարեալ», ըսաւ Նախագահ Պերճ Սեդրակեան:  «Կեանքի ճանապարհը, զոր Փանոս Թիթիզեան կտրած է, իր շուրջ մէկ դարու ազգանուէր ծառայութեան ընթացքին, իր ծննդավայր Քեսապէն Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մելքոնեան Կրթական Հաստատութիւն (Կիպրոս), Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան (Լիբանան), հիմնելով Հարըթ Հըրէյքի ատենի մեծագոյն դեղարանը, ապա անցնելու համար Միացեալ Նահանգներ, կը վկայէ անոր արտակարգ անհատականութեան եւ տոկունութեան մասին…Կրնա՞ք երեւակայել, որ շուրջ յիսուն տարիներ առաջ, երբ Լիբանանահայ համայնքը կ’ապրէր ներամփոփ կէթոյանման մթնոլորտի մը մէջ, Փանոս Թիթիզեան կը ճանչցուէր որպէս անձնաւորութիւն մը, որ իր ընկերային լայն ցանցը ունէր Լիբանանեան ընկերային թէ քաղաքական շրջանակներու մէջ, մտերմութիւն հաստատած ըլլալով հանրային ծառայութեան մարզի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ դիւանագիտական ներկացուցչութիւններու հետ, որոնց շարքին Լիբանանի ներքին ապահովութեան տնօրէնին եւ զինուորական բարձրաստիճան սպաներու հետ, որոնցմէ մին Նախագահ պիտի ըլլար հետագային:  Մեր ընտանեկան մտերմութիւնը Փանոս Թիթիզեանի հետ ստեղծուած էր իմ հօրեղբօրս Հրաչեայ Սեդրակեանին միջոցաւ, որուն հետ ան ղեկավար պաշտօններ կը վարէր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ ՌԱԿ-ի Շրջանային Վարչութեան մէջ:  Ատենին, իբր երիտասարդ փաստաբանութեան ուսանող, ես խորապէս տպաւորուած էի Փանոս Թիթիզեանի տան գրադարանով, ուր ան ունէր Ամերիկեան Ֆորէյն Էֆֆէրզ երկամսեայ հրատարակութեան բոլոր թիւերը, որոնք կը կարդար ծայրէ ծայր, վերլուծական նօթագրութիւններ կատարելով:  Ան երկար տարիներ եղած է իմ վստահելի խորհրդականս:  Յետադարձ ակնարկով, ես խորապէս գնահատած եմ իր շրջահայեցութիւնը եւ իմաստուն խորհուրդները:»  Նախագահը իր խօսքը աւարտեց մեծարեալին մաղթելով երկար եւ առողջ կեանք, գնահատելով նաեւ անոր տիկինը՝ Անահիտը, որ միշտ եղած էր անոր կողքին անոր դժուար եւ փորձանաւոր կեանքին եւ մասնագիտական ասպարէզին մէջ:

 

Այլ յարգարժան հիւրեր եւս իրենց ելոյթներով գնահատեցին եւ շնորհաւորեցին Փանոս Թիթիզեանը, ինչպէս Կարօ Ղազարեան, Բարձրաշնորհ Դոկտ. Վիգէն Արք. Այքազեան, Արթուն Համալեան, Նորա Թիթիզեան եւ Հրաչ Սէփէթճեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Փանոս Թիթիզեանի նոր հրատարակուած յուշագրութիւնը՝ «Պատկերին Միւս Երեսը»:  Ի վերջոյ, Փանոս Թիթիզեան իր պերճախօս ոճով, հայեցի խրոխտութեամբ, բայց եւ իր համեստ բնաւորութեան յատուկ ազնուութեամբ, իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն ի պատիւ կազմակերպուած այս ձեռնարկը նախաձեռնողներուն, կազմակերպողներուն եւ իրենց ներկայութեամբ զինք յարգողներուն:

 

Երեկոյի գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մանուկեան-Տէմիրրճեան Վարժարանի պարախումբը եւ Հէրիթէյճ  քառեակը՝ մասնակցութեամբ Անճէլա Ամիրեանի (առաջին ջութակ), Դաւիթ Սարգսեանի (երկրորդ ջութակ), Արտաշէս Ասատրեանի (Վիոլա) եւ Կարիկ Թէրզեանի (թաւ ջութակ):  Կատարողական ծրագիրը կ’ընդգրկէր Մոցարթ, Կոմիտաս, Կարտէլ եւ Խաչատուրեան:  Յայտագիրը կ’ամբողջանար Փանոս Թիթիզեանի թոռնուհի Միշէլ Քազմանի ելոյթով, որ ներկաներուն հետ կը բաժնէր մեծ հօր մասին իր մանկութեան յուշերը եւ իր խօսքը կ’աւարտէր արտասանելով հատուած մը Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ Որդուն» բանաստեղծութենէն:

 

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Բարձրաշնորհ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի բացման խօսքով եւ օրհնութեամբ սկսած երեկոն աւարտեցաւ Պատուելի Սերոբ Մկրտիչեանի կողմէ ընթերցուած Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Դոկտ. Վահան Թութիկեանի ողջոյնի խօսքով եւ իր փակման խօսքով եւ աղօթքով:

 

Երեկոյթը իրականացած էր գլխաւրաւոբար Տէր եւ Տիկին Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու հովանաւորութեամբ:  Սէմ Սիմոնեան, Երկար տարիներու Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութան անդամ, վերջերս առաջադրուած էր որպէս Նախագահ, յաջորդելու համար ներկայիս նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, որուն շրջանը կանոնագրական տարիքային դրութեամբ կ’աւարտէր այս տարի, շուրջ 50 տարիներու ծառայութենէ ետք, որոնց 20-ը որպէս նախագահ:

 

Նկար 1 – Փ. Թիթիզեան Երեկոյթ 1.2024

 

Ձախէն աջ – Հրանդ Վարձպետեան, Երուանդ Տէմիրճեան, Սինան Սինանեան, Պերճ Սեդրակեան, Փանոս Թիթիզեան, Սէմ Սիմոնեան, Նելլի Քազման, Գէորգ Զօրեան, Գոհար Սթամպոլեան

 

Նկար 2 – Փ. Թիթզեան Երեկոյթ 2.2024

Հէրիթէյճ  քառեակ – Անժէլա Ամիրեան (առաջին ջութակ), Դաւիթ Սարգսեան (երկրորդ ջութակ), Արտաշէս Ասատրեան (Վիօլա), Կարիկ Թէրզեան (թաւ ջութակ)

 

Նկար 3 – Փ. Թիթիզեան Երեկոյթ 3.2024

 

Հ.Բ.Ը.Մ. Մանուկեան Տէմիրճեան Վարժարանի Պարախումբ

Photo1.TitizianTribute.2024 Photo2.TitizianTribute.2024

Photo3.TitizianTribute.2024