AGBU ARTS PROMISES A MAGICAL CONCERT HEADLINED BY WORLD RENOWNED SOPRANO ISABEL BAYRAKDARIAN

February 14, 2023

On March 3, 2023, the curtains at Pasadena’s Vatche and Tamar Manoukian Performing Arts Center (PAC) will rise at 8:00 pm to welcome international opera luminary Isabel Bayrakarian to the AGBU Western Region.

The Grammy-winning Lebanese-born, Canada-raised Bayrakdarian will be singing beloved Armenian traditional and folk melodies, lullabies and prayers in an aptly titled concert called “Dream.” She will be accompanied by an ensemble of well known music masters in their own right, including Emanuel Hovannisyan (duduk), Jill Eilber (flute), and Ellie Choate (harp). Their performances will be set against panoramic visual interpretations created by the celebrated Syrian-Armenian painter Kevork Murad.

“This concert is truly unique,” states AGBU Arts Director Hayk Arsenyan. “It’s a rare opportunity for audiences of all ages and musical tastes to experience the intensity yet simplicity of the songs of our Armenian ancestors through a unique historical approach and the arrangements of an instrumental ensemble. It’s a fusion of two very different genres with a new multidisciplinary dimension added by Murad’s powerfully enchanting backdrops projected on the big screen,” Arsenyan added.

The event will be the first time that an A-List opera star graces the stage of the AGBU’s own performing arts center. Fortunately, the state-of-the-art facility was designed and equipped to do justice to performers at the top of their careers like Bayrakdarian.

After she and her family immigrated to Canada, she began paving her own path to stardom, first winning in 2000 the Operalia International Opera Competition founded by Placido Domingo. This launched her meteoric rise, with appearances at the Metropolitan Opera, La Scala, Paris Opera, San Francisco Opera, Sante Fe Opera and the Canadian Opera Company among numerous other prestigious companies and world-class venues. In addition, Bayrakdarian is the recipient of the 2017 “Movses Khorenatsi” Medal—the Republic of Armenia’s highest cultural award. She was also presented with the 2017 “Komitas” Medal from Armenia’s Ministry of Diaspora. In 2015, Bayrakdarian was officially recognized by the California Legislature Assembly for her contributions to the entertainment industry and promoting peace and tolerance. She also received an Honorary Doctorate from Wilfrid Laurier University, Canada.

“We are truly honored to welcome the incomparable Isabel Bayrakdarian and the esteemed musicians who arranged to take part in this extraordinary musical  event,” stated AGBU Western Region Executive Director Gohar Stambolyan. “This is a golden opportunity for our audiences to experience a brilliant performance at a world-class arts and culture venue right here in Pasadena.”

The facility’s stunning Main Stage Theater Auditorium offers many assets and amenities: Comfortable seating for as many as 600, a motorized orchestra pit, a smaller “black box” stage, even a multi-purpose banquet room, box office, spacious dressing rooms and more. For more information about PAC, click here

Tickets for the concert are on sale now at $45 and $55. To purchase, click here. CDs of the performers will be on sale at the concert and Isabel Bayrakdarian will be available for signing.

 

«ՀԲԸՄ Արուեստը» կը խոստանայ մոգական համերգ՝ համաշխարհային անուանի սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանի կատարմամբ

 

Ուրբաթ, 3 Մարտ 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կատարողական արուեստի կեդրոնին» վարագոյրները պիտի բարձրանան ողջունելու համար միջազգային օփերային աստղ Իզապէլ Պայրագտարեանը ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Շրջանէն ներս:

«Կրէմի» մրցանակի դափնեկիր, Լիբանան ծնած ու Քանատայի մէջ հասակ առած Պայրագտարեանը պիտի մեկնաբանէ հայկական սիրուած աւանդական եւ ժողովրդական մեղեդիներ, օրօրոցայիններ ու աղօթքներ՝ «Երազ» խորագրեալ համերգի ընթացքին: Իրեն պիտի ընկերակցի երաժշտութեան հանրածանօթ վարպետ կատարողներու համոյթ մը, ինչպէս Էմանուէլ Յովհաննիսեան (տուտուկ), Ճիլ Էյպըր (սրինգ) եւ Էլի Չոաթ (տաւիղ): Ներկայացումը պիտի կայանայ սուրիահայ անուանի նկարիչ Գէորգ Մուրատի ստեղծած համայնապատկերային տեսողական մեկնաբանութիւններուն դիմաց:

«Այս համերգը իսկապէս եզակի է», – կ’ըսէ «ՀԲԸՄ Արուեստներու» տնօրէն Հայկ Արսէնեանը: «Այս հազուագիւտ հնարաւորութիւն կու տայ բոլոր տարիքի եւ երաժշտական ճաշակի հանդիսատեսներու՝ զգալու մեր նախահայրերուն երգերուն ուժգնութիւնը, բայց նաեւ պարզութիւնը՝ իւրայատուկ պատմական մօտեցման եւ գործիքային համոյթի մշակումներու միջոցով: Այս երկու, իրարմէ շատ տարբեր ժանրերու միաձուլումը՝ նոր բազմաառարկայական հարթութեամբ, յաւելում մըն է Մուրատի ստեղծած կախարդական հզօր ֆոնին, ցուցադրուելով մեծ պաստառի վրայ», – շարունակեց Արսէնեան:

Այս ելոյթը իր տեսակին մէջ առաջինը պիտի ըլլայ, երբ նման առաջնակարգ արուստագէտ մը պիտի զարդարէ ՀԲԸՄ-ի Կատարողական արուեստի կեդրոնի բեմը: Բարեբախտաբար, գերժամանակակից կեդրոնը նախագծուած եւ սարքաւորուած է արդարացնելու համար Պայրագտարեաններու նման իրենց գագաթնակէտին հասած արուեստագէտներու սպասելիքները:

Ընտանեօք Քանատա գաղթելէ ետք, ան սկսաւ իր սեփական աստղային ճանապարհը հարթել, առաջին անգամ յաղթելով 2020 թուականին, Փլասիտօ Տոմինկոյի կողմէ հիմնադրուած “Operalia” օփերային միջազգային մրցոյթին: Այս եղաւ սկիզբ անոր աստղային վերելքին, ելոյթներ ունենալով Մեթրոփոլիթընի, Լա Սքալայի, Փարիզի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Սանթա Ֆէյի օփերաներուն մէջ եւ Քանատական օփերային ընկերակցութենէն ներս, բազմաթիւ հեղինակաւոր այլ ընկերութիւններու եւ համաշխարհային վայրերու շարքին:

2017-ին, Պայրագտարեան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային բարձրագոյն պարգեւին՝ «Մովսէս Խորենացի» մետալին: Նոյն տարին պարգեւատրուած է նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով: 2015-ին Պայրագտարեան պաշտօնական ճանաչումի արժանացած է Քալիֆորնիոյ Օրէնսդիր ժողովին կողմէ՝ մշակութային կեանքի մէջ իր ներդրած աւանդի, եւ խաղաղութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը խթանելուն համար: Ան նաեւ ստացած է պատուաւոր դոկտորի կոչում Քանատայի Ուիլֆրիտ Լորիէ համալսարանէն:

«Մեզի համար պատիւ է ողջունել անզուգական Իզապէլ Պայրագտարեանը եւ յարգելի երաժիշտները, որոնք մաս պիտի կազմեն երաժշտական այս արտասովոր միջոցառումին»,- ըսաւ ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Գործադիր տնօրէնուհի՝

Գոհար Ստամբոլեանը: «Այս ոսկեայ առիթ մըն է մեր հանդիսատեսին համար, տեսնելու եւ զգալու փայլուն ելոյթ մը միջազգային չափանիշի արուեստի եւ մշակոյթի Փասատինայի այս կեդրոնին մէջ»:

Կեդրոնին գլխաւոր ու գերազանց հանդիսասրահը յագեցած է 600 հոգի տեղաւորող յարմարաւէտ աթոռներով, նուագախումբի յարմար՝ փոս բաժինով, երկրորդ, աւելի փոքր բեմով, առանձին սրահ-սենեակով, տոմսարկղի սենեակով, ընդարձակ հանդերձարաններով եւ այլ յարմարութիւններով:

Կատարողական արուեստի կեդրոնին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, այցելել՝

Համերգին տոմսերը ներկայիս կը վաճառուին $45 եւ $55 տոլարի: Գնելու համար այցելել .

Համերգին պիտի վաճառուին արուեստագէտներուն ձայնասալիկները, իսկ Իզապէլ Պայրագտարեան պատրաստ է ստորագրելու զանոնք:

1. WRDreamConcert.2.23

 

 3. WRDreamConcert 2. WRDreamConcert.2.23