AGBU WESTERN REGION ANNOUNCES A CHOIR TRAINING PROGRAM FOR ARMENIAN YOUTH

December 23, 2022

After the celebrated AGBU LA Choir ended a successful year with a dazzling “Tis the Season’ holiday variety show this past December, it promptly rang in the New Year with an open invitation to Armenian youth to join the newly formed AGBU LA Junior Choir—a natural extension of the adult choir.

This winter, musically inclined youth, ages 7 to 17, have a special opportunity to explore and cultivate their vocal abilities in a safe and nurturing environment, under the leadership LA Choir Maestro Gayane Baghdasaryan.

With her 30 years of dedicated training and expertise conducting various choirs, Baghdasaryan has a clear vision for inspiring a new generation of choral singers. “On the heels of our Christmas performance, we couldn’t be more excited to share our passion for artistic excellence with our youth. Choirs are not only an excellent way to develop vocal skills but also to make new friends and forge strong bonds.  In many ways, a choir is like sports—each singer is a member of a team. We want our participants to learn the value of teamwork and experience interpersonal harmony as well as musical harmony.”

Each 90-minute class meets on Thursdays at 5 pm at the AGBU Vatche and Tamar Manoukian Cultural Center in Pasadena, CA. The first 45 minutes focuses on vocal technique, wherein students learn the proper use of their vocal cords, breath control and voice projection. “Vocal techniques are essential,” stated Baghdasaryan. “Contrary to popular belief, anyone can learn to sing, given the proper instruction, guidance, and training.”

The second 45-minute session is devoted to choir practice. Participants transfer their vocal training skills and apply them as a group. Early in the program, the Maestro will determine each student’s pitch: Soprano, Alto, Tenor, or Bass. In addition, the students practice the art of listening to others, which makes them more sensitive to harmonizing, learning songs as an ensemble, and observing differentiations in pitch.

To that end, the robust program will culminate in a live on-stage performance to showcase the LA Junior Choir’s progress over time.  During the year, the junior and adult choirs will organize other concerts for the community, each one thoughtfully produced to spotlight the artists.

LA Choir Chair Garine Seuylemezian further emphasized the added value of the program for Armenian youth.  “It’s an experience that can go a long way to appreciate choral music while building life skills such as the discipline of practice, the value of teamwork, and the power of stage presence.”

“For any young Armenian who attended the LA Choir holiday concert this past December and became enchanted by the magic of this inspiring musical genre, now is the time to discover their own ‘inner performer,” noted AGBU Western Region Director Gohar Stambolyan.

Early registration before January 19, 2023 is $100 per child for the first month of enrollment. Thereafter, the cost of weekly classes are $120 per month. To register, go to https://agbu.org/la-junior-choir-register.

Photo and caption: The LA Choir performs a musical variety show for the holidays at the AGBU Vatche and Tamar Manoukian Cultural Center in Pasadena.

ՀԲԸՄ-Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ՀԱՅ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Անցնող Դեկտեմբեր ամսուն ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի երգչախումբը տարին փակելով շլացուցիչ “Tis the Season” տօնական համերգով, 2023-ի տարեմուտը կը նշէ բաց հրաւէրովը հայ պատանիներուն՝ միանալու ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի կրտսերներու երգչախումբին, որ բնական կապն է մեծահասակներու խումբին:

Այս ձմեռ երաժշտական հակում ունեցող 7-17 տարեկան պարման-պարմանուհիներ յատուկ հնարաւորութիւնը ունին բացայայտելու եւ մշակելու իրենց ձայնային կարողութիւնները ապահով եւ խնամող միջավայրի մը մէջ, Լոս Անճելըսի երգչախումբի խմբավար՝ Գայիանէ Բաղդասարեանի ղեկավարութեան տակ:

Տարբեր երգչախումբեր ղեկավարելու երեսուն տարուան նուիրուածութեան ու փորձառութեան շնորհիւ, Բաղդասարեան յստակ տեսիլքը ունի երգչախումբի  նոր անդամներ ոգեւորելու համար: «Մեր Սուրբ Ծննդեան ելոյթէն ետք, չէինք կրնար չոգեւորուիլ եւ չկիսել յաջողութիւնները մեր երիտասարդութեան հետ: Երգչախումբերը ո՛չ միայն հիանալի միջոց են ձայնային հմտութիւններ զարգացնելուն, այլ՝ նոր ընկերներ ունենալուն եւ ամուր կապեր հաստատելուն: Տարբեր առումներով երգչախումբը կը նմանի մարզանքի. իւրաքանչիւր երգիչ խումբի անդամ է: Մեր ցանկութիւնն է, որ անոնք ըմբռնեն խմբային աշխատանքին արժէքը եւ ապրին փորձառութիւնը թէ՛ մարդոց հետ աշխատելու ներդաշնակութեան եւ թէ՛ ձայնային ներդաշնակութեան»:

Դասերը տեղի պիտի ունենան ամէն Հինգշաբթի, կ.ե. ժամը 5:00-ին, 90 վայրկեան տեւողութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կատարողական Արուեստի կեդրոնին մէջ, Փասատինա, Քալիֆորնիա: Առաջին 45 վայրկեանը պիտի կեդրոնանայ ձայնամարզութեան մէջ, ուր աշակերտները պիտի սորվին ձայնալարերու ճիշդ օգտագործում, շնչառութեան վերահսկում եւ ձայնի արձակում: «Ձայնային թեքնիքը էական է», ըսաւ Բաղդասարեան: «Հակառակ տարածուած կարծիքին, իւրաքանչիւր անձ կրնայ սորվիլ երգել, համապատասխան ցուցմունքով, ուղղութեամբ եւ մարզումներով»:

Երկրորդ 45 վայրկեաննոց դասաժամը նուիրուած պիտի ըլլայ երգչախումբի փորձերուն: Մասնակիցները պիտի փոխանցեն իրենց ձայնային հմտութիւնները եւ պիտի ներկայացնեն այդ որպէս խմբային աշխատանք: Ծրագիրին սկիզբը մայէսթրան պիտի որոշէ իւրաքանչիւր աշակերտին ձայնը՝ սոփրանօ, ալթօ, թենոր կամ պաս: Բացի այդ, աշակերտները իրենց մէջ պիտի զարգացնեն միւս աշակերտներուն երգը լսելու արուեստը, որ զիրենք աւելի զգայուն պիտի դարձնէ ներդաշնակուելու, երգերը սորվելու որպէս համոյթ եւ ձայնային տարբերութիւնները դիտարկելու առումով:

Այդ նպատակով, այս կարեւոր ծրագիրը պիտի աւարտի բեմական ելոյթով՝ ցուցադրելով LA Junior երգչախումբի յառաջընթացքը: Տարուան ընթացքին պատանիներու եւ մեծահասակներու երգչախումբերը հայ համայնքին համար պիտի կազմակերպեն տարբեր համերգներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մշակուած պիտի ըլլայ ներկայացնելով արուեստագէտներուն աշխատանքը:

ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի երգչախումբի վարչութեան ատենապետուհի Կարինէ Սէօյլեմէզեան նաեւ շեշտեց այս ծրագրին յաւելեալ արժէքը երիտասարդ սերունդին համար: «Փորձառութիւն մըն է, որ կրնայ երկար ճամբայ անցնիլ երգչախմբային երաժշտութիւնը գնահատելու համար՝ միաժամանակ զարգացնելով կեանքի այնպիսի հմտութիւններ, ինչպէս փորձերու կարգապահութիւնը, խմբային աշխատանքի արժէքը եւ բեմական ներկայութեան ուժը»:

«Այն հայ երիտասարդները, որոնք անցնող Դեկտեմբերին ներկայ գտնուեցան Լոս Անճելըսի երգչախումբի տօնական համերգին եւ հմայուեցան այդ ոգեշնչող երաժշտական ժանրի կախարդանքէն, հիմա ժամանակն է որպէսզի բացայայտեն իրենց սեփական «ներքին կատարողը», նշեց ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան շրջանի տնօրէն Գոհար Ստամբոլեանը:

Կանուխ արձանագրութիւնները մինչեւ 19 Յունուար 2023 կը կազմեն $100 տոլար իւրաքանչիւր պատանիի համար որպէս առաջին ամսուան վճարում: Ապա, շաբաթը մէկ կայանալիք դասերու ամսական արժէքը $120 տոլար է: Արձանագրուելու համար այցելեցէք՝ https://agbu.org/la-junior-choir-register:

Լուսանկարի գրութիւն. Լոս Անճելըսի երգչախումբը երաժշտական տօնական կատարումներով հանդէս կու գայ Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կատարողական Արուեստի Կեդրոնին մէջ:

 

AGBU LA Choir 3 AGBU LA Choir 2 AGBU LA Choir 1